2014-11-01 08:30:24

Քոր Ունում` Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան քարտուղարը Դամասկոսի մէջ։


(Ռ.Վ. 1 նոյեմբեր 2014) 28 – 31 հոկտեմբեր` Քահանայապետական Քոր Ունում - Մէկ Սիրտ - ` բարեսիրական հաստատութեան քարտուղար` գերապայծառ Ճամբիէթրօ Տալ Թոզօ, առաքելութեամբ մեկնած էր Դամասկոս մասնակցելու Սուրիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ժողովին։
Իր կեցութեան ընթացքին գերապայծառ Թոզօ հանդիպումներ ունեցաւ բարեսիրական զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ որոնք բարեգործական ու մարդասիրական գործունէութեամբ կը զբաղին ի տես դաժան ժամանակաշրջանին։
Տարբեր հանդիպումներու ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու Սուրբ Աթոռի ցուցաբերած աջակցութիւնը Քրիստոնեայ համայնքներուն ու հակամարտութիւններու հետեւանքներով տառապող ողջ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ հակառակող կողմերուն ուղղուած երկխօսութեան եւ հաշտութեան հրաւէրները։
Ընդգծուեցաւ նաեւ կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութիւններուն կարեւոր դերը ի սպաս սուրիացի բնակչութեան եւ մատնանշուեցաւ օժանդակութիւնները խտացնելու հարկաւորութիւնը, միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ, դիմագրաւելու համար աճող պահանջները։








All the contents on this site are copyrighted ©.